2015-05-25 10:32:00

Փալմիրի թանգարան մուտք գործելով` ՏԱՀԵՇ քանդեց շարք մը հնադարեան արձաններ


Սուրիոյ Հնութիւններու եւ թանգարաններու ընդհանուր տնօրէն Մամուն Ապտելքարիմ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները մուտք գործեցին կեդրոնական Սուրիոյ մէջ գտնուող հնադարեան Փալմիր քաղաքին թանգարանը, քանդեցին շարք մը արձաններ եւ թանգարանին մուտքին կանգնեցուցին պահակներ:

Ան նշեց, որ զինեալները 13-րդ դարուն կառուցուած եւ հնադարեան հնութիւններուն հսկող իսլամական բերդին վրայ բարձրացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը:

Ան նշեց, որ քանդուած արձանները կրկնօրինակներ են, որոնք կրթական նպատակներու համար կ՛օգտագործուին: Զինեալները փակած են թանգարանին դուռը եւ անոր առջեւ դրած պահակներ:

Եգիպտոսի Ազհարը մտահոգութիւն յայտնելով ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Փալմիրի գրաւման գծով` նշեց, որ Փալմիրի հնութիւններու պաշտպանութիւնը «ամբողջ մարդկութեան ճակատամարտն է»:

Ազհար ընդգծեց, որ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան ժառանգութեան քանդումը, գոցուած հնութիւններու առուծախը կը հակասեն իսլամութեան ուսուցումներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.